2015-04-20 10:49:00

Կապոնի եպիսկոպոսներուն այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին` տեղեկութիւններ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 20 ապրիլին Կապոնի եպիսկոպոսները ժամանեցին Վատիկան իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ։

Կապոնի պաշտօնական լեզուն ֆրանսերէն է, բնակչութեան 13% աւանդական կրօնի կը պատկանի, մահմետականները կը ներկայացնեն 6 %։

Կապոնի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահն է գերապայծառ Mathieu Madega LEBOUAKEHAN, Առաքելական դեսպանն է գերապայծառ` Jan Romeo PAWŁOWSKI։

Կապոնի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը անդամ է Կեդրոնական ափրիկէի եպիսկոպոսական խորհուրդին։

Թեմերը – Երկիրը ունի մէկ արքեպիսկոպոսական թեմ, չորս եպիսկոպոսական թեմեր եւ առաքելական փոխանորդութիւն մը։

Քրիստոնէութեան մուտքը – վեղաւոր ֆրանչիսկեանները 1673-ին աւետարանացումի առաջին փորձը կատարեցին։ Ապա Սեպտեմբեր 1844-ին հայր Jean Rémy Bessieux` անդամ Ս. Հոգւոյ միաբանութեան, Libreville քաղաքին մէջ առաջին սուրբ պատարագը մատոյց Կապոնի հողին վրայ։  14 Սեպտեմբեր 1955-ին Կապոնը կ՛ունենայ իր սեփական նուիրապետութիւնը։ 1961-ին Կապոնը կ’ունենայ իր առաջին տեղացի եպիսկոպոսը, յանձին գերապայծառ Ndong-ի.

1982-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը առաքելական այցելութիւն կը կատարէ Կապոնի։

Կապոնի եկեղեցւոյ ներկայի մարտահրաւէրները – Խաղաղութիւնը եւ ազգային միութիւնը, ինչպէս նաեւ նոր սերունդին դաստիարակութիւնը։ Միաժամանակ Եկեղեցին մշտատեւ կը դատապարտէ  երկրին մէջ տիրող անարդարութիւնը ու ընկերային անհաւասարութիւնը ու հարստութեան անարդար բաժանումը։

Ափրիկէի  եպիսկոպոսական յատուկ սիւնհոդոսին ընթացքին որ տեղի ունեցաւ Վատիկան 2009-ին Կապոնի եպիսկոպոսները ընդգծեցին հարկաւորութիւնը զարգացնելու հասարակաց բարիքի մշակոյթը, պայքար մղելով ծիսական ոճիրներուն դէմ եւ աղանդներուն դէմ։ Եկեղեցին մեծապէս կը սատարէ  դաստիարակութեան մարզին։ Libreville արքեպիսկոպոսական թեմը այս տարի կը վերակոչէ կաթողիկէ առաջին դպրոցին  170-րդ տարեդարձը։ Տեղական կաթողիկէ եկեղեցին կը մատակարարէ 55 մանկամսուրներ, 156 դպրոցներ ու 41 ճեմարաններ։ Հետեւաբար Կապոնի կաթողիկէ եկեղեցին նշանակալից եղանակով կը սատարէ նոր սերունդին դաստիարակութեան ու զարգացումին։ Եկեղեցւոյ մարտահրաւէրը կը ներփակէ նաեւ ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցները։ 2010-ին Կապոնի եկեղեցին  ունեցաւ իր կայքը, որուն շնորհիւ ան կարողացաւ ընդլայնել առաքելական գործունէութիւնը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.